Ձեռագիր մատյաններ և մատենագրություն…

«Հալէպ»Բարեսիրական Հասարակական կազմակերպութեան,«Սոցիալ Հոգեբանական Աջակցութիւն Սիրիահայերին»համակարգող մարմինը, իր ընթացիկ հաւաք-ժողովը գումարեց Ուրբաթ՝28, Փետրուար 2020 ժամը 1.30ին, «Հալէպ»Հ .Կ.ի կեդրոնէն ներս,ներկայութեամբ 46 անդամուհիներու:

«Հալէպ» Հ.Կ. հիմնադիր փոխ նախագահ՝ Ծովիկ Պայթարեան-Մակարեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները, առաջարկեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Սումկայիթեան զոհերուն յիշատակը.կատարուեցան յայտարարութիւններ,օժանդակ յանձնախումբի անդամներու ծանօթացում:

Համակարգող մարմինը յարմար գտնելով կրկին խօսիլ հրատապ համարուող«Քորոնա»վիրուսային հիւանդութեան մասին,«Հալէպ» Հ.Կ հիմնադիր փոխ նախագահ Ծովիկ Պայթարեան-Մակարեան խօսքը փոխանցեց համակարգող մարմնի կամաւոր անդամ բժ.Մայտա Չաւուշեանին: Ան ներկաներուն տեղեկութիւններ տուաւ հիւանդութեան փոխանցման ուղիներուն,պաշտպանուելու միջոցներուն եւ հիւանդութեան տարածուածութեան մասին:

Ժողովին ներկայ էր Հալէպ»Հ.Կ.հիմնադիր նախագահ տ.Անի Պալըխեան,որ իր օգտակար խորհուրդները փոխանցեց ներկաներուն:Ներկաները նոյնպէս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցան իրենց կարծիքներով եւ հարցումներով: Օրուան հիմնական նիւթը նուիրուած էր հայկական արուեստի կարեւոր ճիւղերէն մեկուն՝Ձեռագիր Մատեաններուն եւ Մատենագրութեան:Նիւթը ներկայացուց բժ.Մայտա Չաւուշեան:

«Հայ միջնադարեան վանական ուսումնական կեդրոններուն մէջ ստեղծուած ձեռագիր հոգեւոր եւ գիտական գրականութիւնը աշխարհի եզակի արուէստներէն մէկն է,որ ստեղծած են մեր Գրիչները եւ Ծաղկողները.Անոնք,ի տարբերութիւն այլ քաղաքակրթութիւններու ստեղծած են մագաղաթը եւ անոնց վրայ ձեռագրով արձանագրած մեր պատմութիւնը, գրականութիւնը, բժշկական, փիլիսոփայական, գիտական կանոնները,օրէնսդրութիւնը: Այս հարստութիւնը ամփոփուած է աշխարհի հայկական տարբեր կեդրոններու մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի Մատենադարանին մէջ, ուր կը գտնուի ամենամեծ հաւաքածուն»:

Ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան,եւ գոհունակութիւն յայտնեցին հաւաքներու ընթացքին արծարծուած,բազմազան նիւթերու կարեւորութեան մասին:Հանդիպման ընթացքին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ Ալեպպո Քուիզին կեդրոնէ կողմէ տրամադրուած կարկանդակով: Հանդիպումը աւարտեցաւ հրաժեշտի ջերմ բարեմաղթանքներով:

Բժ.Մայտա Չաւուշեան.

Առ ի յիշեցում, «ՀԱԼԷՊ» ՀԿ–ի «Սոցիալ–հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութեան, նպատակ ունենալով դիւրացնել եւ նեցուկ կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն իրենց առօրեայ խնդիրները ուշադրութեան արժանի դարձնելու, մեկնակէտ ունենալով դիւրացնել իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները եւ վերջապէս աջակցիլ իրենց ներգրաւուածութեանը Հայաստանեան հասարակական կեանքին մէջ։

Սոյն հաւաք–հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ զանազան մասնագիտութիւններով, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն։

Հանդիպումները տեղի կ’ունենան իւրաքանչիւր Ուրբաթ, ժամը՝ 13։00-ին, «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի կեդրոնէն ներս։ Հասցէ՝ ք․Երևան, Հիւսիսային պողոտա 11, – 1 յարկ (մուտքը՝ Աբովեան փողոցէն)։ Մուտքն ազատ է բոլորին համար։

aleppongo
[addtoany buttons="facebook,twitter,email"]

Similar Posts

Aleppo-NGO & ART: Apply for University Scholarships Now!
Aleppo-NGO & ART: Apply for University Scholarships Now!

WCC Armenia Round Table Foundation (ART) and Aleppo Compatriotic Charitable Organization(Aleppo-NGO), within the framewo

Students meet with the SDG Armenia Innovations Lab Team
Students meet with the SDG Armenia Innovations Lab Team

Raising the awareness about Sustainable development goals (SDGs) among youth is the precondition to ensure we attain the

More than 70 youngsters attend the first Western-Armenian performance in Armenia
More than 70 youngsters attend the first Western-Armenian performance in Armenia

“The calling of the theater is to explain the delusions of the heart and the life”-Grigor Zohrap The 160th anniversa

Bottom Image