«ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Հալէպի “Արեւիկ” կեդրոնի ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն հետ
Հալէպ “Արեւիկ” թերաճներու կեդրոնը 13 տարի գործելէ ետք գորշ պատերազմի պատճառով ստիպուեցաւ փակել իր դռները։
“ՀԱԼԷՊ” Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան շնորհիւ¸ ի մասնաւորի Կազմակերպութեանս տնօրէնուհի՝ Անի Պալխեանի եւ Ալին Մոմճեանի ջանքերով¸Հալէպի ծանր կացութեան եւ անապահովութեան հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած “Արեւիկ”ի սաները¸ համախմբուեցան «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի կեդրոնէն ներս։
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 24 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Կազմակերպութեանս կեդրոնէն ներս։ Տիկ. Ալին Մոմճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ “Արեւիկ” Հայաստան ծրագիրին խիստ անհրաժեշտութեան եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց իրենց նպատակն ու հետագայ գործունէութիւնը¸որ մեծ գոհունակութիւն եւ խանդավարութիւն յառաջացուց ներկաներուն¸ որոնք իրենց ջերմ տպաւորութիւնները փոխանցելով չզլացան իրենց աջակցութիւնն ու համագործակցութիւնը առաջարկել միութեան տնօրէնութեան ու անոր ժրաջան անդամներուն։