«Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի հերթական հանդիպումը՝ Մարտ 8-ին
«Ազգերի ճակատագիրը փնտրել մայրերի ափերի մէջ»:
Գարեգին Նժդեհ
Միջազգային Մարտ 8-ի Կանանց տօնի առիթով «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի անդամները ջերմօրէն կը շնորհաւորեն բոլորիդ տօնը:
Մարտ 8, 2019-ին, «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի հերթական հանդիպումը, ներկայութեամբ՝ 46 անդամներու, իսկ որպէս դասախօս հրաւիրուած էր՝ տիկին Մարլէն Տանակէօզեանը: Ան Լիբանանի Քասլիք համալսարանէն վկայեալ և ծաղիկներու լեզուին տիրապետած մասնագէտ է:
«ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի հիմնադիր փոխ նախագահ՝ տիկին Ծովիկ Մակարեան-Պայթարեան ժողով-հաւաքին բացումը կատարելով, ջերմօրէն շնորհաւորեց ներկաները Մարտ 8-ի՝ Կանանց Միջազգային տօնի կապակցութեամբ, ինչպէս նաև՝ մայրութեան և գեղեցկութեան միամսեայ գարնանային այս հիասքանչ տօնի առթիւ, մաղթելով, որ իւրաքանչիւրին տան մէջ միշտ իշխէ ու տիրէ ջերմութիւն, առողջութիւն, համերաշխութիւն և ամենակարևորը խաղաղութիւն:
Մարտ 8՝ Կանանց Միջազգային օրուան խորհուրդը նշող՝ Ծաղիկներու թեմայով, տիկին Մարլէն հանդէս եկաւ, ներկայացնելով ծաղիկներու օգտաշատ, հետաքրքրական և գործնական տեղեկութիւններ, ինչպէս նաև՝ ծանօթացնելով ծաղիկներուն, ներկաներուն փոխանցեց անոնց այլազան առանձնայատկութիւնները, օգտակարութիւնները, պահելու եղանակը, յատուկ նշանակութիւն ունեցող ծաղիկներուն տեսակի, գոյնի և քանակի փոխաբերական և խորհրդանշական իմաստը: Եղան կարգ մը լուսաբանական հարցումներ, որոնց ան գոհացուցիչ և սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ հետաքրքրասէր ներկաներուն:
Ապա, տիկին Ծովիկ Պայթարեան անդրադարձաւ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի պատասխանատու՝ տիկին Զարուհի Համմալեանի վերջին մէկ տարուան տարած ժրաջան և անխոնջ աշխատանքին. կամաւոր հիմունքներով, ան, անսակարկ իր ներդրումը բերած էր վերոյիշեալ ծրագրի ծիրէն ներս: Տիկին Զարուհին, կամքէ անկախ պիտի չկարենայ շարունակել իր աջակցութիւնը կազմակերպութեան, նկատի ունենալով մօտալուտ ճամբորդութեան պարագան:
Ինչպէս նաև «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ՝ տիկին Անի Պալխեանը հանդէս եկաւ իր սրտի և երախտիքի խօսքով, ի սրտէ բարի երթ մաղթեց ու ապագայ ծրագիրներուն բարեմաղթանքներ յայտնեց:
Իսկ տիկին Զարուհի Համմալեան ելոյթ ունենալով արտայայտեց իր գոհունակութիւնը և շնորհակալութիւն յայտնեց, որ առիթը ընծայուած էր իրեն այս բարեսիրական աշխտանքին և տածած էր իր գործունէութեան դաշտը. այս կարճ, բայց արդիւնաւէտ ժամանակահատուածի ընթացքին «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան երդիքին ներքոյ:
Ժողովը շարունակեց իր օրակարգը: Տիկին Ծովիկ ներկայացուց յառաջիկայ ամիսներու ծրագրերու առընչութեամբ հակիրճ տեղեկութիւն: Կայացաւ մտքերու փոխանակում և եղան կարգ մը առաջարկներ:
Հաւաքի վերջաւորութեան Մարտ 8-ն նշուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տիկին Թագուհի Պետրոսեանը, պարոն Պետրոս Քիրազեանը, տիկին Զարուհի Համմալեանը, տիկին Թալին Չէմպէրճեանը, տիկին Սոսի Նալչաճեանը և «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ն. բոլորին վարձքը կատար:
Առ ի յիշեցում, «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար: Հանդիպումներու նպատակն է օժանդակել սուրիական հակամարտութեան մէջէն անցած և ծանր հոգեբանական դրութեան մէջ յայտնուած անձերու վերականգնման գործընթացին և նպաստելու իրենց ներգրաւումը հայաստանեան քաղաքացիական կեանքին մէջ:
Սոյն հաւաք-հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ, որոնք իրենց գիտելիքները և փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն: