«Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի հերթական հանդիպումը` Առաջին բուժօգնութիւնը արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, Սոցիալ հոգեբանական աջակցութեան խմբակի հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ 26 Ապրիլ, 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, 43 ընկերուհիներու ներկայութեամբ:

Հանդիպումը վարեց կազմակերպութեան հիմնադիր փոխնախագահ՝ Ծովիկ Մակարեան-Պայթարեանը։

Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի նահատակները յիշելէ ետք, «Ծանօթանանք մեր արժէքներուն» թեմայով, ան ներկայացուց Երեւանի արևմտեան հատուածի՝  Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ, Հրազդան գետին մօտ գտնուող՝ Կարէն Տէմիրճեան մարզահամերգային համալիրը։ Համալիրը բաղկացած է՝ մարզական և համերգային 2 մեծ սրահներէ և հիմնական 6 դահլիճներէ։

Ծովիկ Մակարեան-Պայթարեան նշեց, որ համալիրը ունի եզակի կառուցուածք, անիկա իր շինարարութեան արտաքին տեսքով՝ թևերը բացած մեծ թռչուն կը յիշեցնէ: Համալիրի բացումը կատարուած է՝ 1983 թուականին և ունեցած է հետաքրքրական անցուդարձեր:

Հանդիպման հիւրն էր՝ ամերիկահայ դեղագէտ և փախստականներու խնդիրներով կամաւոր՝ Դինա Սարիկեանը: Ինքզինք ներկայացնելէ ետք, ան պատմեց Յորդանանի, Լիբանանի, Թուրքիոյ և Իրաքի մէջ ապաստանած փախստականներուն իրավիճակը և անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: «Առաջին բուժօգնութիւնը արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին» խորագրին տակ, Սարիկեան իր փորձնական աշխատանքի հմտութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ցոյց տուաւ արհեստական շնչառութեան կիրարման ձևերը, ինչպէս նաև՝ խեղդուելու պարագային իրագործուող եղանակները:

Աւարտին, ներկաներուն փոխանցուեցաւ Յ. Պարոնեանի անուան թատրոնին տրամադրած տարբեր ներկայացումներու տոմսերը։

Առ ի յիշեցում «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութեան, նպատակ ունենալով դիւրացնելու, հեշտացնելու եւ նեցուկ կանգնելու մեր հայրենակիցներուն իրենց առօրեայ խնդիրները ուշադրութեան արժանի դարձնելու, մեկնակէ  ունենալով դիւրացնել իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները եւ վարջապէս աջակցիլ իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանեան հասարակական կյանքին մէջ։ Սոյն հաւաք-հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ զանազան մասնագիտութիւններով, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն։

 

Similar Posts

«Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի 8-րդ տարեդարձը

Այցելութիւններ «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի կեդրոն

Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի արդիւնաբերակա

Գերաշնորհ Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այգազեանի այցելութիւնը և «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի նոր կեդրոնի օրհնութեան արարողութիւնը

Համաշխարհային եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ եւ «Հալէպ»

Bottom Image