«Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի հերթական հանդիպումը` «Ծանօթանանք մեր արժէքներուն» շրջագծով, այց՝ Մ.Նալպանտեանի արձան և բարերարներու յուշահամալիր
Ուրբաթ, 3 Մայիս, 2019-ին, «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, «Սոցիալ հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերի» ծրագրի անդամները խմբուեցան «Հալէպ» կազմակերպութեան կեդրոն (Հիւսիսային 11 շէնք): 50 անդամներէ բաղկացած խումբը ուղղուեցաւ Նալպանտեան փողոցի վրայ գտնուող՝ Միքայէլ Նալպանտեանի արձանին մօտ:
«Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի հիմնադիր փոխնախագահ՝ Ծովիկ Մակարեան-Պայթարեանը «Ծանօթանանք մեր արժէքներուն» շրջագծին ներքոյ ներկայացուց՝ Նալպանտեանի ամփոփ կենսագրականը, անդրադառնալով անոր կեանքին քանի մը հետաքրքրական և հաճելի դրուագներու, ուր ի յայտ կու գայ Նալպանտեանի բարի, ազնիւ և նրբամիտ մարդու հոգին ու կերպարը, այն ինչ իր դէմքին ու կեցուածքին մէջ բացայայտուած է։ Ծովիկ Պայթարեան սոյն արձանի հարևանութեան գտնուող պուրակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց խումբին: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2010 թուականի որոշումով, հիմնադրուած և կոչուած է «Հայ բարերարներու ճեմուղի յուշահամալիր», որ կը ներառէ հայ բարերարներու հաւաքական կերպարը խորհրդանշող յուշակոթողը, ինչպէս նաև այգիին մէջ կանգնած են անհատ բարերարներու՝ Ալեք Մանուկեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի (Մանթաշով), Պօղոս Նուպայի (Նուպարեան), Յովհաննէս Լազարեանի և Միքայէլ Արամյանցի նուիրուած կիսանդրիները: Այգիին մէջ զետեղոած է նաև՝ շատ գեղեցիկ խաչքար մը, ի յոյշ Արցախի գոյամարտին: Յուշարձաններուն քանդակագործն է՝ Ֆերտինանտ Առաքէլեանը:
Տեղին է յիշել, որ այս հաւաքը կազմակերպելու նպատակն էր՝ հնարաւորութիւն ընձեռել մեր անդամներուն կեդրոնէն դուրս ուղղակի առնչուելու «Ծանօթանանք մեր արժէքներուն» շրջագծով ներկայացուած թեմային, ինչպէս նաև վայելել այգիին բնութիւնը և հոն գտնուող զանազան յատուկ թռչնազգիներու ներկայութիւնը, որ զուարթ տրամադրութիւն փոխանցեց ներկաներուն: Հաւաքի հանգիստի պահին, կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը թարմացաւ ներկաներուն աշխուժութիւնը:
Նալպանտեանի արձանին մօտ օգտաշատ զրոյցն ու յիշատակելի խմբային նկարը, աւելի ամրապնդեց մեզ և մեր արժէքները միշտ վառ պահելու գաղափարը: «Սոցիալ հոգեբանական» ծրագրի պատասխանատու անձնակազմը հետամուտ եղաւ և փորձեց համադրել հաճելին օգտակարին հետ:
«Սոցիալ հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերի» ծրագրի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Առնօ Բաբաջանեան դահլիճի ֆիլհարմոնիայի փոքր համերգասրահի պատասխանատու կազմին, Հոլանտայէն ժամանած «Կռունկ» երգչախումբի համերգին, անվճար տոմսեր տրամադրելու համար:
Առ ի յիշեցում «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութեան, նպատակ ունենալով դիւրացնելու, հեշտացնելու եւ նեցուկ կանգնելու մեր հայրենակիցներուն իրենց առօրեայ խնդիրները ուշադրութեան արժանի դարձնելու, մեկնակէ ունենալով դիւրացնել իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները եւ վարջապէս աջակցիլ իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանեան հասարակական կյանքին մէջ։ Սոյն հաւաք-հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ զանազան մասնագիտութիւններով, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն։