«Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագրի հերթական հանդիպումը` սոցիալական ցանցերն ու օգտագործման եղանակները
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, «Սոցիալ հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերի» ծրագրի հերթական հաւաքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Մայիս, 2019-ին, 37 ընկերուհիներու մասնակցութեամբ:
Երևանի Պետական Համալսարանի հիմնադրման և 100ամեակի պատմութիւնը ներկայացուց՝ «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի հիմնադիր փոխ-նախագահ՝ Ծովիկ Մակարեան-Պայթարեանը, «Ծանօթանանք մեր արժէքներուն» վերնագրին տակ:
Հասարակական-քաղաքական գործիչ, մանկավարժ և Հայաստանի հանրապետութեան առաջին անկախութեան լուսաւորութեան նախարար՝ Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով, համալսարան հիմնելու որոշումը կայացաւ, 1919-ի Մայիս 16-ին: 1920-ին Կիւմրիի արևտրային դպրոցի շէնքին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ կատարուեցաւ համալսարանին բացումը: Համալսարանի հիմնադիրներէն էր նաև՝ Սիրական Տիգրանեանը: ԵՊՀ-ի առաջին տնօրէնն էր՝ Եուրի Ղամբարեանը, որուն շնորհիւ արտասահմանէն հրաւիրուեցան նշանաւոր դասախօսներ՝ Յակոբ Մանադեանը, Մանուկ Աբեղեանը, Աշխարհբիկ Քալանթարը, Ստեփան Մալխասեանը և ուրիշներ: 1921-ին, համալսարանը տեղափոխուեցաւ Երևան, Աբովեան 52 փողոց, իսկ աւելի ուշ Ալեք Մանուկեան փողոց:
«Սոցիալ հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերի» ծրագրի այս հաւաքին նիւթն էր՝ սոցիալական ցանցերն ու օգտագործման եղանակները, մասնաւորապէս՝ դիմատետրը կամ բոլորին ծանօթ ֆեյսպուքը: Վանիա Գարաճեան խօսեցաւ սոցիալական ցանցերու դրական և բացասական կողմերու մասին: Ան դիմատետրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացնելէ ետք, մասնակիցներուն բացատրեց ինչպէս ունենալ անձնական էջ, կառավարել զայն, կապ հաստատել հարազատներու կամ ընկերներու հետ, ինչպէս նաև օգտուիլ իրենց հետաքրքրող էջերէն:
Հաւաքի մասնակիցները, նոր գիտելիքներով և իրենց յուզող հարցերուն պատասխանները ստանալով, մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան:
Առ ի յիշեցում «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ-ի «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցություն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութեան, նպատակ ունենալով դիւրացնելու, հեշտացնելու եւ նեցուկ կանգնելու մեր հայրենակիցներուն իրենց առօրեայ խնդիրները ուշադրութեան արժանի դարձնելու, մեկնակէ ունենալով դիւրացնել իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները եւ վարջապէս աջակցիլ իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանեան հասարակական կյանքին մէջ։ Սոյն հաւաք-հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ զանազան մասնագիտութիւններով, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն։