Երուանդ Քոչար 120 Ամեակ. Այցելութիւն Գեղանկարիչ- Քանդակագործ Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարան

Զի մենք, յանուն սերին, սերմին, քու հին ցեղիդ մարմարէն կոյս, Մենք զաւակներդ օգոստափառ պիտի կերտենք նոր արշալոյս…

Դանիէլ Վարուժան

«Հալէպ»Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան,«Սոցիալ Հոգեբանական Աջակցութիւն Սիրիահայերին» համակարգող մարմինը իր անդամներուն հաւաք-ժողովը կազմակերպած էր Ուրբաթ 20 Սեպտ.2019-ին՝այցելութիւն հռչակաւոր գեղանկարիչ-քանդակագործ Ե.Քոչարի տուն թանգարան,Ե. քոչարի 120 ամեակի առիթով:60 անդամ երեք առանձին խումբով ժամը 1-էն սկսեալ ուղղուեցան դէպի տուն-թանգարան:

Տուն-թանգարանի տնօրէններ Տ.Լալա Քոչար եւ Տ. Կարինէ Քոչար սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց տուին՝այցելուներուն անհատոյց ընդունելով:Տ. Կարինէ Քոչար յանգամանօրէն նկարագրեց եւ ներկայացուց Քոչարին կեանքին եւ ստեղծագործական գործունէութեան երեք տարբեր շրջանները՝իր ծննդավայր Թիֆլիսի ապա Փարիզի եւ հետագային իր հայրենիք՝Հայաստանի մէջ ստեղծագործած գեղանկարները եւ քանդակները: 

Այցելուները ծանօթացան Քոչարի վաղ շրջանի գեղանկարներուն որոնցմէ իւրաքնչիւրին մէջ ան համապատասխան ուղերձ մը ունի: Ծանօթացան նաեւ Երեւան քաղաքի դիմանկարը կերտող «Ս.Դաւիթ»,«Վ. Մամիկոնեան»քանդակներուն ստեղծմանը վերաբերող պատմութեան մանրամասներուն:Այնտեղ էր երկար տարիներ «պանդուխտ» մնացած 22 տարեկան Քոչարի Վենետիկեան շրջանի վաղ գործերէն,Քոչարին աջակից բարերար Զաքարեանին դիմաքանդակը,որ յատուկ տեղ զբաղեցուցած էր թանգարանին մէջ: Քանդակը յայտնաբերուած եւ հանդիսաւոր ձեւով հայրենիք վերադարձած էր 2015-թ.ին թանգարանի տնօրէն Տ. Լալա Քոչարի համառ ջանքերուն շնորհիւ եւ սփիւռքահայ բարեկամներու աջակցութեամբ:

Տպաւորիչ էին Քոչարի եռաչափ գեղանկարները որոնք իւրայատուկ են Քոչար արուեստագէտին նաեւ «Պատերազմ» գեղանկարը ուր Քոչար ներկայացուցած է մարդ արարածի կառուցող եւ աւերող էութիւնը: Այցելուները մեծ գոհունակութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Տ.Կարինէ Քոչարին,որ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց Քոչարի արգասաբեր ժառանգութիւնը՝որպէս մեծն «արձանագործ» «եռաչափ» եւ «կինետիկ», այսինքն նկարը շարժման մէջ,գեղանկարչութեան հիմնադիրներէն մէկը: 

Այցելութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ յատկապէս Տ.Լալա Քոչարի մտերմիկ եւ անկեղծ զրոյցը յանձնախումբի անդամներուն հետ:Ան հետաքրքրուեցաւ «Հալէպ»Հ.կ.ի տարած աշխատանքով եւ գործունէութեամբ,խոստացաւ անհրաժեշտութեան պարագային աջակցիլ եւ համագործակցիլ: Հրաժեշտէն առաջ «Հալէպ»Հ.Կ.ի հիմնադիր փոխ նախագահ, Ծովիկ Մակարեան-Պայթարեան կազմակերպութեան երախտիքի եւ շնորհակալութեան խօսքը մակագրեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ, թանգարանին ընձեռած յատուկ առիթին՝առնչուելու մեծ արուեստագէտին ժառանգութեան հետ: Տուն-թանգարանին տրուած խորհրդանշական գումարը տրամադրեց Տ.Մարալ Գարագաշեան:

Առ ի յիշեցում «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿ–ի «Սոցիալ–հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութեան, նպատակ ունենալով դիւրացնել եւ նեցուկ կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն իրենց առօրեայ խնդիրները ուշադրութեան արժանի դարձնելու, մեկնակէտ ունենալով դիւրացնել իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները եւ վերջապէս աջակցիլ իրենց ներգրաւուածութեանը Հայաստանեան հասարակական կյանքին մէջ։ Սոյն հաւաք–հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ զանազան մասնագիտութիւններով, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն։

 

 

 

 

 

  

 

Similar Posts

«Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի 8-րդ տարեդարձը

Այցելութիւններ «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի կեդրոն

Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի արդիւնաբերակա

Գերաշնորհ Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այգազեանի այցելութիւնը և «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի նոր կեդրոնի օրհնութեան արարողութիւնը

Համաշխարհային եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ եւ «Հալէպ»

Bottom Image