Շրջապտոյտ Կասկատ Համալիրի Մէջ

«Երեւի նա տեսել էր արեւային մի քաղաք․․․»

Ե. Չարենց

Հալէպ Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան, «Սոցիալ հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերին» համակարգող մարմնի նպատակն էր խմբակի անդամներուն ծանօթացնել Երեւանի տեսարժան վայրերէն՝ Կասկադ համալիրին. 

Ուրբաթ, 11Հոկտ.2019ին, կէսօրէ ետք ժամը 1ին Կասկադի առաջադիր հատուածին մէջ գտնուող Ալեքսանդր Թամանեանի յուշարձանին մօտ խմբուած 50 ընկերուհիներ,համակարգող մարմնի՝Հալէպ Հ.Կ.եան կամաւոր անդամներ Սօսի Նալչաճեան-Քահքեճեանի եւ Մայտա Չաւուշեանի ընկերակցութեամբ շրջապտոյտը սկսան Կասկադ համալիրին մէջ: Շրջապտոյտը վարեց Մ.Չաւուշեան ան պատմեց Ալ.Թամանեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին, որպէս հայ ազգի աշխարհահռչակ ճարտարապետ, Հայաստանի նոր շրջանի ճարտարապետութեան հիմնադիր, նոր Երեւանի յատակագծի հեղինակ եւ շատ մը կարեւորագոյն կառոյցներու նախագծող՝օպերայի շէնքը, հանրապետութեան հրապարակի կառավարութեան շէնքը, բժշկական համալսարանի անատոմիկումը, եւ այլն. Որպէս Երեւան քաղաքի նախագծող, յուշարձանին կողքը գտնուող Երեւան քաղաքի յատակագիծը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց իր շրջանաձեւ տեսքով եւ համայնքները իրար միացնող ճառագայթաձեւ փողոցներով:

Պտոյտը շարունակուեցաւ համալիրին մէջ,ծանօթանալով այնտեղ բացօթեայ տեղադրուած համաշխարհային արուեստի գործերուն՝քանդակներուն,Կասկադի կառուցման պատմական փուլերուն, որուն առաջին նախագծողը եղած է ճարտարապետ Թամանեան,Գաֆեսճեան կեդրոնի գործունէութեան,եւ կեդրոնի տարածքին մէջ գործող արուեստի սրահներուն եւ թանգարաններուն: Կասկադը որպէս Երեւան քաղաքի դիտակետ, հիացուց ներկաները, որոնք վայելեցին կառոյցի քանդակազարդ հարթակներու գեղեցկութիւնը, Երեւանի քաղաքային համայնապատկերը, զգացին արդի ճարտարապետութեան աղերսը հայ հնագոյն ճարտարապետութեան հետ: Հաւաքը աւարտեցաւ թեթեւ հիւրասիրութեամբ: 

Առ ի յիշեցում, «ՀԱԼԷՊ» ՀԲՀԿի «Սոցիալհոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերին» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար, Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայութեան, նպատակ ունենալով դիւրացնել եւ նեցուկ կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն իրենց առօրեայ խնդիրները ուշադրութեան արժանի դարձնելու, մեկնակէտ ունենալով դիւրացնել իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները եւ վերջապէս աջակցիլ իրենց ներգրաւուածութեանը Հայաստանեան հասարակական կյանքին մէջ։ Սոյն հաւաքհանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ զանազան մասնագիտութիւններով, որոնք իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն։

Բժ.Մայտա Չաւուշեան

 

  

    

aleppongo
[addtoany buttons="facebook,twitter,email"]

Similar Posts

«Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի 8-րդ տարեդարձը

Այցելութիւններ «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի կեդրոն

Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի արդիւնաբերակա

Գերաշնորհ Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այգազեանի այցելութիւնը և «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի նոր կեդրոնի օրհնութեան արարողութիւնը

Համաշխարհային եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ եւ «Հալէպ»

Bottom Image