Գերաշնորհ Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այգազեանի այցելութիւնը և «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի նոր կեդրոնի օրհնութեան արարողութիւնը
Համաշխարհային եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ եւ «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի խորհուրդի անդամ՝ Գերաշնորհ Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այգազեան, 2021 թվականի Սեպտեմբեր 14-ին այցելելով «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Հիւսիւսային Պողոտայի գրասենեակ ինչպէս նաև «Հալեպ» ՀԿ-ի (Aleppo Cuisine) կեդրոն ու հանդիպում ունենալով «Հալեպ» Հկ-ի Նախագահ Տիկին Անի Պալխեանի և գործադիր մարմնի անդամներուն հետ, մօտէն հետեւեցաւ կազմակաերպութեան 2020-2021 թուականներու ընթացքին Հալէպ կազմակերպութեան տարած աշխատանքներուն և յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք ծրագիրներուն:
Սրբազան հօր յաջորդ այցելութիւնը եղաւ «Հալէպ» ՀԿ-ի նորաստեղծ կեդրոն (Կասկադ), ուր կազմակերպութեան անդամներուն ներկայութեամբ կատարեց նորաբաց կեդրոնի օրհնութեան արարողութիւնը: Հայրական օրհնութիւնը տալէ ետք, իր խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց կազմակերպութեան տարած աշխատանքները եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։
Իր կարգին Տիկին Անի Պալխեան խօսք առնելով իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց սրբազան հօր այս այցելութեան համար, նշելով որ Սրբազան հայրը ոչ միայն նիւթաբարոյական նեցուկ կ’ընծայէ կազմակերպութեան այլ նաև մօտէն կը հետեւի անոր գործունէութեան:
Նշենք, որ Գերաշնորհ սրաբազանը, այցելութեան ընթացքին արդիւնաբեր քննարկումներ ունեցաւ «Հալէպ» ՀԿ-ի գործադիր տնօրէն Պրն. Սարգիս Պալխեանի հետ, կազմակերպութեան գործընթացի բարգաւաճման նպատակով։